2014-08-14 10:34:11

Քորէա` բարի գալուստի արարողութիւնը նախագահական պալատին մէջ։


14 օգոստոսի յետմիջօրէին, Սէուլի տեղական ժամով 15,45-ին (Իտալիոյ ժամով` 8,45-ին), Սրբազան Հայրը ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Քորէայի նախագահական պալատի` "Blue House" պարտէզը, ուր դիմաւորուեցան Սէուլի նախագահ` Տիկ Փարք Կէուն Հիէի կողմէ եւ տեղի ունեցաւ ''բարի գալուստի'' պաշտօնական արարողութիւնը հուսկ` Սրբազան Հօր ու նախագահին միջեւ առանձնական հանդիպումը, որուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը, նախագահական պալատի ''Շունկմու'' սրահին մէջ, հանդիպեցաւ Երկրի քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ու անոնց ուղղեց ճառ մը որուն մէջ մատնանշեց ''Քորէական հողամասին պատմական եւ մշակութային հարստութիւնը''։


''Անդորր առաւօտեան հողամասը, տարիներու ընթացքին բռնութիւններու եւ պատերազմներու դաշտ դարձաւ, թէեւ կը պահպանէ արդարութեան, խաղաղութեան եւ միութեան անխախտելի յոյս մը'', ըսաւ Քահանայապետը ու ապա ընդգծեց իր առաքելական ճամբորդութեան երկու կէտնպատակները` Ասիայի երիտասարդութեան 6-րդ հաւաքը, որ հաւատքի ուրախ տօնակատարութիւն մըն է, որ Ասիական ցամաքամասի Կաթողիկէ երիտասարդները կը համախմբէ եւ երկրորդ` Քրիստոնեայ հաւատքի վկայ, Քորէացի նահատակներու երանացման արարողութիւնը։


Սրբազան Քահանայապետը իր ճառին մէջ ակնարկեց ապա Քորէական ընկերութեան, ծերերու իմաստութեան եւ արժանապատուութեան հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութեան ու անոնց ընկերային կեանքին մէջ ունեցած դերին, Քորէացիները որակելով ''իմաստուն ժողովուրդ մը որ չի բաւարարուիր սիրել իր աւանդութիւնները այլ կ՛արժեգաւորէ երիտասարդները, փորձելով անոնց փոխանցել անցեալի ժառանգութիւնը, զայն օգտագործելու համար ներկայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու։ Այս առընչութեան Քահանայապետը շեշտը դրաւ ապագայի սերունդին` արժէքներ փոխանցելու կարեւորութեան ու ապա հաստատեց թէ Քորէայի համար խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը եւ Քորէական թերակղզիի կայունութիւնը, դիւանագիտական մարտահրաւէր մըն է։ ''Մարտահրաւէր մը որ հայի անվստահութեան եւ ոխի պատերը տապալելու մէջ, զարգացնելով հաշտութեան եւ զօրակցութեան մշակոյթ մը։ Խաղաղութիւնը պարզապէս պատերազմի բացակայութիւնը չէ այլ արդարութեան գոծընթացք է։ Ան իր հիմերը կառուցելու է փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ հաշտութեան վրայ։ Փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ որ միշտ աւելիով համաշխարհականացած աշխարհի մը մէջ, մեր հասարակաց բարիքի, զարգացումի եւ յառաջդիմութեան հասկացողութիւնը, ըլլալու է ոչ միայն տնտեսական այլ նաեւ մարդկային։
Շատ մը այլ զարգացած երկիրներու նման, Քորէան եւս` դէմ հանդիման կը գտնուի ընկերային, քաղաքական բաժանումի, տնտեսական անհաւասարութեան եւ բնապահպանութեան պատասխանատու մտահոգութիւններու դիմաց։ Արդ` յանձնարարեց Քահանայապետը, պէտք է կարելին ընել, ստեղծելու համար ընկերային մթնոլորտ մը, ուր ընկերութեան ամէն անդամի ձայնը ունկնդրութեան արժանի ըլլայ, ուր կը պահպանուի բաց հաղորդակցութեան հոգի մը, ուր յատուկ ուշադրութիւն կը տրուի աղքատներուն, մեկուսացածներուն ու բոլոր անոնց որ ձայն չունին, ոչ միայն հոգալով անոնց անմիջական կարիքները այլեւ` անոնց օգնելով մարդկային եւ հոգեկան զարգացումի մէջ։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը վերյիշեց, 25 տարիներ առաջ, ՅՊԲ սուրբ Քահանայապետի արտասանած խօսքը, հայող Քորէացի Կաթողիկէ հասարակութեան մշտական ցանկութեան, իր մասնակցութիւնն ու սատարը տալու ազգային կեանքին։

Եկեղեցին կ՛ուզէ սատարել երիտասարդներու դաստիարակութեան, աղքատներու եւ դժբախտներու հանդէպ զօրակցութեան հոգիի զարգացումին եւ քաղաքացիներու նոր սերունդի կազմաւորումին, պատրաստ ըլլան իրենց նախահայրերու ու անոնց հաւատքին թողած իմաստութեան եւ հեռատեսութեան ժառանգութիւնը նուիրելու ուրիշներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել ազգին ու երկրին` քաղաքական եւ ընկերային մեծ հարցերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.